2015-10-28 08:30:00

«Յիշողութեան Կերպարանքները». գիտաժողով` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին


Հոկտեմբեր 27-էն 29 Մեսրոպ Մաշտոցի անուան  մատենադարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Յիշողութեան կերպարանքները» 5-րդ միջազգային գիտաժողովը: Գիտաժողովը պիտի անցնի «Վերածնուած մշակոյթ, վերապրած ձեռագրեր» խորագիրին տակ: Նախագիծը կ՛իրականացուի ՀՀ նախագահի աշխատակազմի` հասարակական կազմակերպութիւններուն  տրամադրուող դրամաշնորհային ծրագրի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած մրցոյթի ծիրէն ներս, կը հաղորդէ «Armradio»-ն:

Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի, Աւստրիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Լաթվիայի, Ղազախստանի եւ Վրաստանի ձեռագիրներու վերականգնողական առաջնակարգ կեդրոններու մասնագէտները հաւաքուած են մէկ յարկի տակ` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած 5-րդ միջազգային  գիտաժողովին: Նախորդ գիտաժողովները ձեռք բերած են մեծ ճանաչում` համախմբելով գրաւոր ժառանգութեան պահպանման ոլորտի բարձրակարգ մասնագէտները: Ծրագրի համակարգող Արա Խզմալեանի խօսքով` ասիկա փորձի փոխանակման համար լաւագոյն հնարաւորութիւնն է:

Մարդկային յիշողութեան շտեմարան Մատենադարանին մէջ կը պահպանուին ոչ միայն հայկական ձեռագիրները, այլեւ ցեղասպանութեան տարիներուն փրկուած  արաբատառ ու օսմանական  կրօնական այլ գիրքեր: Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ  Թամրազեանի դիտարկումով` այդպիսով ցեղասպան ջարդարարներէն փրկած ենք իրենց իսկ մշակոյթը: Այժմ ալ Մատենադարանի վերականգնողական բաժնին մէջ կ՛իրականցուի մեր ժառանգութեան մեծ մաս կազմող  մեծադիր ձեռագիրներու եւ յատուկ նշանակութիւն ունեցող վաւերագիրներու վերականգնման  ծրագիր: Ըստ Հրաչեայ Թամրազեանի` մինչեւ այս ծրագիրը մեծադիր ձեռագիրները չէին վերականգնուիր ոչ միայն ֆինանսական խնդիրներու պատճառով, այլ նաեւ կը պահանջուին մեծ ջանքեր: Մեծ չափերու պատճառով` այդ ձեռագիրները նոյնիսկ չեն թուայնացուած:

Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի քայքայուած ձեռագիրներուն: Մօտ 3000 ձեռագիր հրատապ վերանորոգման կարիք ունի: Օտարազգի  հիւրերը ձեռագիրներու վերականգնման բաժնին մէջ կը տեսնեն, թէ ինչպէս փշուրներէն կը հաւաքուի եւ կը փրկուի մեծ ձեռագիր մը:

Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն փրկուած արծաթակազմ ձեռագիրները 15 տարի բարեգործական հիմունքներով վերականգնող գերմանացի վերականգնողներ Ռոպերթ Շտեհլեն ու Մարկրեթ Եաշկէն պարգեւատրուեցան  ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան «Ոսկէ մետալ»-ով: Ռոպերթ Շտեհլէն Հայաստան չէր ժամանած, սակայն  Եաշկէն կը մասնակցէր գիտոժովովին եւ լրագրողներուն հետ  ճեպազրոյզի ընթացքին նշած է, որ իրենց կողմէ մօտ 220 արծաթապատ ձեռագիր վերականգնուած է:

«Շատ հետաքրքրական են այդ կազմերը, նաեւ հետաքրքրական էր աշխատիլ այդ կազմերուն վրայ: 220 գիրք վերականգնած ենք»,- նշած է ան:

Գերմանացի մասնագէտին խօսքով, աշխարհի որեւէ այլ երկրի մէջ նման կազմեր չեն հանդիպած: Առհասարակ, ըստ անոր, հայկական ձեռագիրները շատ տարբեր են, հայկական մանրանկարչութիւնը իւրայատուկ է, Եւրոպայի մէջ չեն գիտեր, որ այդպիսի բան կայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.